2012-08-28 12:09:16

<<Աղօթարար կը սպասենք Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք այցելութեան>> կը հաստատէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոսը։


Յոյս ներշնչող եւ երկխօսութիւն յառաջացնող Ճամբորդութիւն մը։

Հակառակ երկրի ներկայ վրդով եւ տագնապալից վիճակին եւ որոշ մամուլի շահադիտական հրատարակութիւններուն, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հայրապետ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց <<ամէն օր աղօթարար կը սպասենք Սրբազան Քահանայապետի լիբանան կատարելիք այցելութեան որ խաղաղութեան պտուղներ ու փոխադարձ ներում պիտի յարուցանէ եւ համագործակցութիւն պիտի յառաջացնէ միացնելու համար լիբանանցիները եւ միջին արեւելքի համայն ժողովուրդները։>> Ներսէս Պետրոս ԺԹ աւելցուց նաեւ որ <<Առաքելական այս այցելութիւնը չէ վերապահուած միայն լիբանանու այլ բոլոր միջին արեւելքին>> ։

Արդարեւ յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբեր Սրբազան Քահանայապետի լիբանան կատարելիք այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ միջին արեւելքի եպիսկոպոսաց յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը։

Այցելութիւնը, որ տեղի կ'ունենայ երկրի հանրապետութեան նախագահի հրաւէրով յոյժ կարեւոր է միջին արեւելքի մէջ ապրող համայն բնակիչներուն եւ կը շահագրգռէ Լիբանանի բոլոր համայնքները, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ մահմետական։

Քահանայապետական միջեկեղեցական երկխօսութեան խորհուրդի Նախագահ` Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան իր կարգին հաստատած է թէ Պենետիկտոս ԺԶ Լիբանան այցելութեան պատրաստութիւնները օրինաւոր կերպով կը շարունակուին։









All the contents on this site are copyrighted ©.